Եւ այապէս ապրեձանք (Yev Aysbes Abretsank)

-Ռուբէն Մաշոյեան (Rupen Maşoyan)

About Եւ այապէս ապրեձանք (Yev Aysbes Abretsank)

Եւ այապէս ապրեձանք (Yev Aysbes Abretsank) subject, statistics, prices and more here.

About

Հեղինակը՝ Ռուբէն Մաշոյեան, ստանպուլահայ գրական կեանքէն ներս յայտնի անուն մը եղած է իբրեւ խմբագիր ու հրատարակիչ: Հիմնադիրն էր «Դէպի լոյս» մատենաշարին։ Ստորագրած է հրապարակագրական յօդուածներ ալ: Իր պատմուածքներէն նմոյշներ կան գիրքին առաջին մասին մէջ: Իսկ երկրորդ մասը, խորագրեալ «Ու անոնք գացին», կը պարունակէ եօթը դիմանկար ու յուշագրական ակնարկ՝ ստանպուլահայ մշակութային կեանքէ ծանօթ անուններու մասին:
Estimated Reading Time: 3 hrs. 0 min.Page Number: 106Publication Date: October 2006Publisher: Aras Yayınevi
ISBN: 9789757265122Country: TürkiyeLanguage: ErmeniceFormat: Karton kapak
Reklam

About the Author

-Ռուբէն Մաշոյեան (Rupen Maşoyan)
-Ռուբէն Մաշոյեան (Rupen Maşoyan)Yazar · 1 books
1928-ին ծնած է Բերա, Պոլիս։ Նախակրթութիւնը ստացած է Էսաեան վարժարանէն, ապա 1946-ին աւարտած է Կեդրոնականը։ Միջոց մը ուսանած է Ստանպուլի համալսարանի տնտեսագիտութան բաժինը։ 1948-ին իր կողմէ հիմնադրուած «Դէպի լոյս» մատենաշարը դարձած է նոր սերունդէ հայ բանաստեղծներու համար հարթակ մը։ 1950-ին հիմնադրած է «Դէպի լոյս» շաբաթաթերթը, որ աւելի վերջ հրատարակուած է որպէս ամսաթերթ։ Միջոց մը ետք նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով պարբերականը դադրած է հրատարակութենէ։ 1951-52 տարեշրանին հայերէն դասաւանդած է Գարակէօզեան վարժարանի մէջ։ Բերած է իր նպաստը «Հանդէս մշակոյթի», «Նոր դար», «Ժամանակ», «Ակօս», «Նոր սան» եւ նման պարբերական հրատարակութիւններուն։ Հայերէնի վերածած ու գրքոյկի ձեւով հրատարակած է մանկական գրականութեան դասական գործերը։ «Դէպի լոյս», «Ճգնաւոր», «Ռ. Բագրատունի», «Ռա-Մեն», «Սարկաւագ» ծածկանուններով գրառած է յօդուածներ, պատմուածքներ, երգիծական գրութիւններ։ 1990-ին հրատարակած է «Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով» հատորը, ուր ի մի ամփոփած է վաղամեռիկ քերթողին ստեղծագործութիւններն ու նամականին, ինչպէս նաեւ իր մասին յայտնուած կարծիքները։ Աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է միութենական գործունէութեան, կազմակերպած է համայնքային հարցերու նուիրուած ասուլիսներ, սարքած՝ բանախօսութիւններ։ Երկար տարիներ վարած է առեւտրական հրատարակութիւններ իրականացնող փոքր տպարան մը։ Մեռած է 1999-ին, Պոլիս։